Showing posts with label Karnig Dukmajian. Show all posts
Showing posts with label Karnig Dukmajian. Show all posts

Wednesday, August 04, 2010

Գառնիկ Տէօքմէճեան: ԴԷՊԻ ՆԱՀԱՆՋ

Քալէ՛, քոյրս,
Ինչու՞ ի զուր
Ջանքերդ կը թափես
Փրկելու համար
Դժբախտ այս ազգդ քու.
Մոռցի՛ր, քոյրս,
Եկուր ազատինք
Վազե՛նք, յառաջ`
Դէպի մեր նահանջը:

Մօտեցի՛ր, եղբայր,
Արձակեմ քեզ
Այդ արիւնոտ կապանքներէն`
Ձեռքս ունիմ բանալին.
Եկուր յանձնենք մեր բեռը
Պատմութեան էջերուն`
Շալկելն այլեւս ի՞նչ իմաստ ունի.
Քալէ՛ միասին երթա՛նք`
Դէպի մեր նահանջը:

Զանգը լսէ՛, հայրիկ,
Ժամանակն է եկեր
Հանգչեցնելու յոգնած հոգիդ`
Սգաւոր, վրեժխնդիր.
Հեռանա՛նք այլեւս
Աղէտէ, կորուստէ, թշնամիէն.
Կը սպասեն մեզի, հայրիկ
Աճապարէ՛, երթա՛նք`
Դէպի մեր նահանջը:

Ա՜խ, մայրիկ, հաւատա՛
Օտար այս կանաչ ափերուն վրայ
Խաբեցինք մենք մեզ.
Վերապրողներ՝
Սփռուած, կորսուած,
Չկրցանք վերապրիլ
Մեր արմատները երկնցնել.
Այլեւս ի՞նչ իրաւունք ունինք գոյատեւելու:
Մնաց` ո՛չ յոյս, ո՛չ ճառ,
Ո՛չ լոյս, ո՛չ ապագայ.
Ո՞վ կ'ուզէ ականատես ըլլալ
Իր ազգին մահկանացու կնքելուն.
Ա՛ռ ձեռքս,
Ա՛ռ սիրտս,
Վազե՛նք, յառաջ`
Դէպի մեր նահանջը:

-Գառնիկ Տէօքմէճեան

Արհեստով փաստաբան՝ Գառնիկ Տէօքմէճեանը կը բնակի Լոս Անճելըսի մէջ, որտեղ նաեւ ծնած եւ հասունցած է: Ան շրջանաւարտ է սոյն քաղաքի մէջ գտնուող Ֆերահեան ազգային վարժարանի եւ կը զբաղի հայերէնի լեզուաբանութեան եւ Սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման նիւթերով:


Karnig Dukmajian is a practicing attorney in Los Angeles, where he was born and raised. He graduated from that city's Ferrahian Armenian High School and has a keen interest in Armenian linguistics and the preservation of Armenian identity in the Diaspora.