Showing posts with label Arsen Adjemian. Show all posts
Showing posts with label Arsen Adjemian. Show all posts

Sunday, December 06, 2009

Արսէն Աճէմեան։ Լօռային

Click here for the audio clip To Lora read by Lola Koundakjian.


Խնձորն ես կարմիր պսակւած հարսին.
Մրմունջն ես գետին դաշտին մէջ նարօտ.
Երգն ես կաքւուկի նոր վերադարձին
Կեանքին պէս աղուոր հարսնուկն ես տարփոտ։

Իմ մօրըս թրծած անօթն ես հիրիկ
Որուն մէջ ծըլուն մեղրն է քաղցրանոյշ.
Գիւղի աղջըկան դու սէրն ես բաղձիկ,
Գետափին կանգնած ծաղիկն ես քնքոյշ։

Հազար կոյսերուն մէջ բացուած մինակ
Պարզութեան մէջ մեծ արեւն ես այգուն,
Այտերդ անոր բոցերն են արձակ
Շրթներդ ալ անոր համբոյրն է ոսկուն…

Ու բոյրն ես Լօռա, բո՜յրը մեղրածոր
Ճերմակ տընակիս պարտէզին սիրուն,
Գարնան պէս չքնաղ ու կարմրած բոլոր
Ծաղիկն ես հպարտ աղբերանց արուն…


ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941