Showing posts with label Alidz Jebejian Agbabian. Show all posts
Showing posts with label Alidz Jebejian Agbabian. Show all posts

Tuesday, July 24, 2007

Ալիծ ճէպէճեան Աղպապեան: Սիրոյ Ծառը

Անիին եւ Արային

Մարմնիս, հոգիիս
ո՞ր անկիւնը զետեղեմ
Անիին ցաւը։

Հարցումիս պատասխանեց
Սիրոյ Ծառը.

— Ես եմ Ծառը՝
Սիրոյ Ծառը։
Սիրահարներու միացուլուած ոտքերը
արմատներս են,
ընդելուզուած մարմինները
բունս է,
հովին տուած անոնց մազերը
ճիւղերս են,
անոնց հոգիներուն յաւերժական երգը
իմ երգս է,
որ իւրաքանչիւր ծաղկող գարուն
կը սվսվայ բնութեան հեշտանքով.
— Շունչս շունչիդ,
շրթներդ շուրթիս,
ձեռքերս ափերուդ մէջ սեղմ,
կուրծքդ կուրծքիս,
հոգիս հոգւոյդ,
Սիրոյ Ծառն եմ ես
ծնած ցաւէդ։



Յուլիս, 2007

Copyright Alidz Jebejian Agbabian. Used here by kind permission of the author.