Showing posts with label Aharon. Show all posts
Showing posts with label Aharon. Show all posts

Wednesday, February 05, 2014

Ահարոն։ Հին Կարօտ


Օտար բոլոր ճամբաներէն քալեցի,
Չըհարցուցի, թէ ո՛ւր կու գան, ո՛ւր կ՛երթան,
Յաճախ փուշեր, երբեմն ալ վարդ քաղեցի,
Բայց չգըտայ դեռ քու ճամբադ, Հայաստան։

Օտար բոլոր աղբիւրներէն խմեցի,
Չըհարցուցի, թէ ջուրերն ու՛ր կը փութան.
Սրտիս կըսկիծն անոնց ցօղով մեղմեցի,
Բայց չգըտայ դեռ քու աղբիւրդ, Հայաստան։

Օտար բոլոր գիրքերն անվերջ կարդացի
Չըհարցուցի, թէ ի՛նչ կ՛առնեն, ի՛նչ կու տան.
Զանոնք փակած՝ մերթ լացի, մերթ խնդացի
Բայց քեզ երբեք չկարդացի, Հայաստան։
Օտար բոլոր վիշտերն ինձ մօտ ըզգացի,
Չըհարցուցի թէ մերթ ինչո՞ւ կը կոտտան,
Մոռցայ զանոնք, կամ մէկ օր լոկ սըգացի,
Բայց չըմոռցայ քու վիշտն, անգի՜ն Հայաստան։


Ահարոն Տատուրեան 1886-1965