Tuesday, March 13, 2018

Դանիէլ Վարուժան։ Կարօտի Նամակ

Կը գրէ մայրըս.- «Ո՜վ իմ որդեակս պանդուխտ,
Դեռ մինչեւ ե՞րբ պիտ՛ անծանօթ լուսնի տակ
Օրերդ անցնին դեռ մինչեւ ե՞րբ հէգ գլուխդ
Ես չսեղմեմ լանջքիս տակ:

Հերի՛ք օտար սանդուղներէ ելլեն վեր
Ոտքերդ՝ որ օր մ՛ափերուս մէջ տաքցուցի,
Հերի՛ք ալ սիրտդ՝ ուր իմ ծիծերս եմ պարպեր,
Դատարկ սըրտէս դուրս հիւծի:

Ջահրակին տակ թերեւս աշխատ յոգներ են.
Կ՛հիւսեմ պատանքս ա՛լ ծամերովս ըսպիտակ.
Ա՜խ, քեզ տեսնեն անգամ մ՛աչքերս ու փակեն
Թող հոգիս ա՛լ իրենց տակ:

Դըրանս առջեւ կը նստիմ միշտ տխրալիր,
Լուր կ՛ուզեմ վրադ ամէն կռունկէ՝ որ կ՛անցնի,
Այն ճիւղըն ուռի՝ զոր քու ձեռքով տընկեցիր,
Վըրաս կ՛ընէ հովանի:

Իրիկուննե՛րը զո՛ւր դարձիդ կը սպասեմ.
Կու գան կ՛անցնին գիւղին քաջե՛րը համակ.
Մշակը կ՛անցնի, կ՛անցնի կովարծը վըսեմ.-
Կը մնամ լուսնին մինա՜կ:

Աւերակ տան մէջ անտերունչ եմ թողուած.
Մեր շիրիմիս, միշտ օճախիս ծարաւի.-
Կրիայի մը պէս՝ որուն աղիքն իր կոտրած
Պատեանին դեռ կը կըցուի:

Եկո՛ւր, որդեա՛կ, հայրենի տունըդ շէնցո՛ւր:-
Դուռն են կոտրեր, մառաններն ո՛ղջ դատարկեր:
Կը մտնեն ներս լուսամուտէն ջարդուփշուր
Գարնան ամբողջ ծիծառներ:

Այն բազմաթիւ հօտէն, գոմին մէջ, եղո՜ւկ,
Մընացեր է խոյ մը միայն քաջարի՝
Որուն մայրն օր մ՛ - յիշէ՛, որդեա՜կ - դեռ գառնուկ,
Կերաւ ափիդ մէջ գարի:

Թեփով բրընձի եւ առուոյտով պատուական
Սընունդ կու տամ արդ անոր պերճ դըմակին.
Տօսախ սանտրով կը սանտրեմ բուրդն աղուական.-
Ան զոհ մըն է թանկագին:

Դարձիդ՝ պճնած վարդերով գլուխն իր համակ՝
Պիտի մորթեմ կեանքիդ համար ծաղկատի.
Իր արեան մէջ պիտի լուամ, քա՜ղցր որդեակ,
Ոտքերդ յոգնած պանդուխտի։»-

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ, Ցեղին Սիրտը, 1910, Կոստանդնուպոլիս

No comments: