Sunday, May 15, 2016

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ Վայրկեան

Դուռը կը բացուի
Ու դուրս կը ցայտէ հոտը.
Տարիներու ընդերքէն եկող, կեանք մը ամբողջ իր շալակին`
Կը զարնէ ու կը տապալէ զիս ակնթարթի մէջ,
Կարծես ըսելով. Ո՜չ. չես կրնար մոռնալ զիս։

Աչքս կը բանամ մշուշոտ հեռո՜ւն…
Մոմի լոյսին տակ, մանկութեան գիրկը։
Շուրջս ամբոխը աչքերը վեր յառած կը փսփսայ…
Աղօտ է լոյսը: Սարսուռ մը կը սահի ողնայարս ի վար,
Երբ համրաքայլ կը սկսիմ պտըտիլ։

Նոյն նստարանները.
Նո՜յն լուսամուտերը…
Նոյն հո՜տը…
Կը շնչեմ երկա՜ր… կը շնչեմ խորո՜ւնկ.
Գլխապտոյտը պատած է զիս։

Հո՜ն էր, որ ծունկի եկած էի, ձեռքերս զուգած.
Հո՜ն էր, որ մօրս գիրկէն փախուստ տուի ու վազեցի.
Հո՜ն էր, որ յօնքերը կիտած մամիկ մը յանդիմանեց զիս,
Ուրկէ՞ գտայ այդ փետուրը, որ նետեցի ծնկաչոք ծերունիին ոտքերուն,
Որ գլուխը կախ, լուռ կը մրմնջէր…

Ո՞վ էր զիս ներողը. օ՜հ զանգակը զարնող Հայրապետը…
Որքա՜ն բարձր կը թռչէր այդ զանգակը զարնելու համար։
Հո՜ն էր, այդ նստարանին վրայ, որ կը նստէր մեծ մայրս,
Շղարշը գլխուն, դէմքը կլոր, աչքերը ժպտուն…
Ապշած կը դիտէի բերանը. կզակը անընդհատ կը շարժէր…

Քայլերս մարմին առած` զիս հոս ու հոն կը նետեն.
Հօրս գիրկն եմ ահա, մոմ պիտի վառենք միասին…
Քիչ անդին, քով քովի սեղմ նստած ենք գոգնոցներով գոյնզգոյն.
Գրպանիս մէջ դարձեալ աւազ կայ։
«Առաւօտ լուսոյ, արեգակն արդար…»։։։։։։


Դուռը կը փակուի`
Կեանք մը ամբողջ խզելով ու տանելով հետը։
Հոտը կը մնայ…

No comments: