Thursday, October 10, 2013

Վահէ Օշական։ Ծառ

Կը հարցնեմ -
երջանկութեան մուրացկաններ…
որքան հէգնանք, արհամարհանք
որ ալ կոտրին գորտռաչքերու պնակները
որ ալ դադրի՛ դրօշարշաւը
ծիծաղելի սա զոյգերու, երեքներու, չորսերու։

Տառապանքի աշկերտներ…
որքա՜ն գութ, արգահատանք
որ ալ դադրի՛ք կարասիրեր ըլլալէ
ու չերկարէք ձեր ափերը
վանդակներու ետեւէն
ամէն քայլի տոմսակ ուզել,
խղճմտանքէս։

Կեանքը կրծող ուրուականներ…
քանի՞ ծպտում պատռելու եմ
ձեր վրայէն
որ ալ դադրիք դերասաններ ըլլալէ,
կառափիս մէջ ցատկռտող։
Փշաթելի քանի՞ գօտի
անցնելու եմ տակաւին,
որ գամ կենամ
ձեր ջիղերու ժամադրութեան՝
ու պոռամ -
կենդանացէ՜ք։

Բայց երբ մարդիկ ընտելացած
ալ ետ դառնան։

Ջանասէր,  1 Յունիս 1972

No comments: