Sunday, July 14, 2013

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԿԷՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ

Վարագոյրը բացուեցաւ – կեանք մը սկսաւ

Նախ նոր տող - գլխագիր ըսին
Յետոյ ճամբուն վրայ կեանքին
Քայլ առ քայլ յառաջացանք
«Ստորակէտ»երու քովն ի վեր
Եւ չանդրադարձանք թէ անոնք
Համեստութեան տիպարներն էին
«Կէտադրութեան նշաններ»ուն

«Միջակէտ»ին հետ նոր հանգրուան մը պարզուեցաւ
Մեր առջեւ հսկայ «փակագիծ»եր ցցուեցան
Պայքարեցանք
«Անջատման եւ միութեան գիծեր»ուն նման
Մերթ յաղթեցինք – մերթ պարտուեցանք

Երջանկութիւնն ինչո՞ւ միշտ «չակերտ»ի մէջ էր
Եւ վիշտը միշտ գլխագիր – միշտ «շեշտ»աւոր
«Հարցման նշան»ներու դիմեցինք
Մխիթարուեցանք

Օր եղաւ հրդեհներու մէջէն անցանք – այրեցանք
Բոցերու մէջ «բացագանչական նշան»ներու ապաստանեցանք
«Ե՞րբ - ե՞րբ պիտի սպիանան ձեր վէրքերը» ըսին
«Երբե՛ք» ըսինք

Կիսատ մնացին մեր յոյսերը տողերու աւարտին
«Ենթամնայ» մը դրինք – յաջորդ տողով շարունակեցինք

Մեր մորթին վրայ զգացինք
Մէկ առ մէկ ապրեցանք
«Ապաթարցը – մակակէտը - բազմակէտը»

Անզգալաբար սպառեցինք
Անյագօրէն վատնեցինք
«Կէտադրութեան նշանները» բոլոր
«Վերջակէտը» իր զոյգ աչքերը մեզի սեւեռած
Հոն հեռուն կը սպասէր անհամբեր
«Առիթ մը եւս» ըսինք
«Բութը» եկաւ հասաւ – նոր շունչ մը դարձաւ

Վերջապէս օր մըն ալ
Բոլոր նշաններն անհետացան
«Վերջակէտը» եկաւ կառչեցաւ մեզի

Այն ինչ որ կրցանք ապրիլ կամ չկրցանք
Կեա՞նք մըն էր արդեօք
Թէ ոչ
«Կէտադրութեան նշաններ» ու կաշկանդում մը
Չգիտցանք

Ամբողջ կեանք մը
Գերին դարձանք «կէտադրութեան նշաններ»ուն
Եւ չհասկցանք թէ
Կեանքը «կախման կէտ» մըն էր միայն
«Կախման կէտ» մը իմաստալից կամ անիմաստ
«Կախման կէտ» մը խորհրդաւոր կամ անխորհուրդ
«Կախման կէտ» մը վայրագ ու անգութ

8.7.2013 ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

No comments: