Thursday, November 29, 2012

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ։ Երեք նուռ

* * *

Ծանր ճամպրուկը սրտիդ՝ կայարանին դուրսը
դրիր քալեցիր.
Շոգեկառքը անցաւ փետուրներ թափելով պատուհաններէն
չէի՞ր գիտեր թէ թեթեւ է բեռդ։
Քունի դաշտերու մէջ,  գինով աղբիւրներու մօտ
երկարած էիր։  Յուշիկ ցրուեցան
խնդումերես խնձորներու բոյրը
վարդերու վառվռուն խօսակցութիւնը
հողին կենսաթրթուռ բոյրը
սիրածներուդ մարմրուն խօսակցութիւնը։
Պռաւօ՛, յիշատակներէդ կրցար անխաթար լողալ
հեշտագին է այս պահը, անդորր ու դատարկ։
Գեղանկարներս
կը յանձնեն հովին, ծովին, կրակին,
կարմիր մազերուս փոշին։


* * *

Առանձին բարձրացայ լեռը
Կÿուզէի հասնիլ յաւերժութեան
Յետոյ լեռները գոցուեցան
Միայն մոխրագոյն քարեր մնացին
»Աստուած իմ,  վա՛ր իջնէի
Անմահութեան զաւեշտը՝ Քեզի՛։«

* * *

Անկասկած լուսեղէն օր մը
երբ կասկածի մէջ թաթխուած չեմ,
պիտի գայ հոգէառը
լուսնի դէմքը ձեռքին։
Ուշ  յետմիջօրէին՝ տանս տանիքէն
յորդի պիտի նուռի հիւթը
ու յագեցնէ ծարաւս.
Եկո՜ւր,  կÿըսեմ,  ձեռքդ տո՛ւր։

ՎԵՀԱՆՈՅՇ  ԹԵՔԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2012
Նիւ Ճըրզի

Այս բանաստեղծութիւնը լոյս տեսած է ՀՈՐԻԶՈՆ գրական ամսաթերթին մէջ։

No comments: