Tuesday, February 21, 2012

ԶԱՀՐԱՏ: Ի ՎԵՐՋՈՅ
















Photo courtesy of Varteni Mosditchian

Ինչ որ կը խորհիս ճամբուն ընթացքին
ինչ որ կը տեսնես
Ինչ կեանք որ կ՛ապրիս այս կեանքէն անդին
ինչ որ հոն ունիս
Ինչ որ յուսացիր թէ քեզ կը սպասէր
... ինչ որ քեզ կանչեց
Իսկ ինչ որ գտար- ինչ որ սիրեցիր
ինչ որ ուզեցիր
Եւ ինչ որ մնաց քեզի այս աղուոր
Ճամբորդութենէն
Ինչ որ չուզեցիր ոչ իսկ քեզ պատմել
մոռնալու վախէն
Այն որ տակաւին հարցումի մը պէս
հետդ կը տանիս

ԶԱՀՐԱՏ (ԶԱՐԵՀ ԵԱԼՏԸԶՃԵԱՆ)
1924-2007

No comments: