Wednesday, August 10, 2011

Աւետիս Կիւլպէնկեան։ Երեք Ձայները

Կեանքն է յարատեւ, ոգորում, պայքար՝
Անպայման, անխտիր, ամէնուն համար,
Պէտք չէ բնաւ վախնալ անկէ ու տալ խոյս,
Այլ արիասիրտ լինել, տալ խրախոյս։

Կեանքը տառապանք է, մաշող ցաւ միշտ,
Անկարելի է գտնել մարդ անվիշտ,
Պէտք է համբերել ու տոկալ անոր
Յարձակումներուն ուժգին նորանոր…։

Օ՜հ, կեանքը սէ՜ր է, ս՜էր, հոգի՜ն կեանքին,
Սէ՜ր, քան զայն ի՞նչ կայ անոյշ, թանկագին,
Պէտք է ապրի՜լ զայն անըսպա՜ռ արեւ
Ու ցոլացընել շողերն յարատեւ։

Կազմեն այս երեք ձայներ աննըման
Դաշնակում մ՛՛հզօր -- Ձայնը Մայր Բնութեան,
Ձայնը բանաւոր էակին թրթռուն,
Ու ձայնն Աստուծոյ, Ձայն սիրոյ անհուն։

No comments: