Monday, July 11, 2011

Զապէլ Ասատուր։ Ծովուն

Մութ գիշերին լռութեան մէջ խորասոյզ,
Պատուհանիս առջեւ նստած կ՚երազեմ,
Լայնածաւալ ծովն հոն փըռուած է անյոյզ.
Ալիքներու հեծիւնն հազիւ կը լըսեմ.

Սակայն կը զգամ լուռ թաւալումը ջուրին,
Դէպի անհուն, դէպի անծիր ափունքներ,
Անոր գաղտնի օրօրումները խորին,
Խըռովքն անոր ալուցքին մէջ եռուզեռ։

Ու կը նայիմ իմ հոգւոյս խորն յուսահատ
Որ անյատակ ծովուն այնքան կը նմանի.
Երանի՜ քեզ, կ՚ըսեմ, օ՛ ծով, որ ազատ
Կը հետեւիս հովին որ զքեզ կը տանի։

Սիպիլ
Քընալը, Օգոստոս 1912

No comments: