Saturday, June 19, 2010

Վահէ-Վահեան։ Հոգենուագ

Երբ ես մեռնիմ, վա՜րդ մը միայն՝ դագաղիս,
Մօրտ հոգիին կարօտի ցօ՜ղը վրան…
Ճերմա՛կ ըլլայ… եւ գոյներու ո՛չ մէկ գիծ՝
Արիւնավառ վերջալոյսէ մը գարնան։

Ո՛չ զանգակներ եղերաձայն, ո՛չ նուագ.
Բարեկամեր միայն քալեն ինծի հետ.
Յետոյ, հանդարտ, աւերակէ աւերակ,
Հոսի՜ հոգիս մոռացումին մէջ անհետ։

Ո՛չ շարական, ո՛չ խունկ ու մոմ, ո՛չ արցունք…
Անտառին մէջ պիտի հովերը նորէն
Երգեն իրենց հոգենուա՜գը խորունկ,
Պիտի նորէն ծորին լոյսե՜ր աստղերէն։

Պիտի երկիրն արթննայ միշտ իր ծիրէն,
Պիտի ծաղկի եղրեւանին Մայիսին,
Պիտի դարձեա՛լ զոյգեր անցնին մայթերէն,
Ու ցնծատան մէջ փրփրի՜ ցոփ գինին։

Յոյսը նորէն պիտի քալէ ծովափէն,
Թաց աչքերով աղջընակի մը նման,
Կամ գինովի մը պէս զուարթ երգելէն,
Եւ առօրեան պիտի գտնէ՛ իր ճամբան։

Կեա՛նք, արեւէդ չառած կանթեղ մ՛իսկ բաժին,
Պիտի շրջիմ ես մութին մէջ անվախճան,
Ինծի հետ լոկ վի՜շտը մեռած երազին,
Եւ յիշատակն՝ անկարելի ապաստան։

No comments: