Thursday, June 10, 2010

Ռուբէն Սեւակ։ Ինչո՞ւ


Ինչու՞, ինչու՞ զիս սիրեցիր,
Փոքրի՛կ աղջիկ, քեզի մե՜ղք էր.
Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պետք էր,
Դուն ծե՜ր արծիվ մը բանտեցիր...

Կապոյտ աչուիդ երբ որ բացիր,
կապու՜յտ աղջիկ՝ պլպուլն երգ է՜ր.
Քե՛զ ալ սիրո մրմունջ պէտք էր,
Դուն գուժկան մռու՛նչս ընտրեցիր...

Ես կ՝երթամ մի՜շտ, անծայրածի՜ր
Դամբաններ են ոտքիս հետքե՜ր.
Քեզ սիրոյ մեղմ սիւ՜ք մը պէտք էր,
Դուն փոթորկի՜ն կուրծքդ բացիր...

Կ՛այրի՜ն աչերըդ սեւածիր,
Պիտի մեռնի՜ս, այդպես մ՝ե՛րգեր.
Քեզի փոքրիկ սէր մը պէտք էր,
Դուն Սէր-Աստուածը սիրեցիր...

No comments: