Wednesday, December 02, 2009

Գէորգ Կառվարենց։ Գարնան Առաւօտ

Փըշատիներ, նուշիներ
Շաղ ու շափրա՜կ են ձիւներ՝
Մարմանդներուն վըրայ զով…
Եւ ակաղձուն, ակաղձուն

Գարնան հըզօ՛ր աւիշով՝
Այգին շաքլե՜ր է այգուն…
Շաղով շողուն՝ կը հեւան
Այգն ու այգին հոտեւան՝

Նոր կութքերու երազով…
Ու կաքաւուն, նորածին
Ուլեր ծաղի՜կ կ՛արածին
Մարմանդներուն վըրայ զով…։

* * *

Ամէն թերթի ունկն ի վար՝
Օղեր ցօղէ թրթռավար…

Ուռիներու շըւաքին՝
Գուռերուն հե՛ծքը մեկին…

* * *

Օ՜ թիթեռներն ոսկեման
Եթերին մէջ ցանուցիր.
Ու երգը, ե՜րգն անսահման
Ծիծառներուն ժիրաժիր…։

Կը պսպըղայ -- կարկեհա՛ն՝
Շուրջը զմրուխտն ու սափիր --
Հիւղիս կատա՛րը կարմիր՝
Արտեւանին վրայ բլրան…։

* * *

Շոճիներու շուքին -- հո՜վ
Ու լըճակներ ըստուերի…
Հեռո՜ւն -- կածան մը գինով՝
Որ սարն ի վեր կը ծիւրի…

Այստեղ նարկիս, հոն նարդոս,
Հոգիս այստեղ, հոգիս հոն …
-- Երանութի՜ւն յորդահոս՝
Հորիզոնէ հորիզոն…։

1921, «Տաւիղ Եւոլեան»

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.

No comments: