Monday, November 09, 2009

Ա. Սեմա։ ՍԵՄԻՆ ՎՐԱՅ

ԻԶՈ՛ՒՐ կ'ուզեն մտքիս վըրայ հին օրերուն
Տրտում ու հէք յուշերն ընդմիշտ տիրել: Ահա՛
Ես նոր կեանքի անիւին եմ փարած հիմա
Ու նոր իղձեր արդ կը տանին սիրտըս հեռուն...

Հեռու՜ն, հեռու՜ն, հայրենիքիս վերածընող,
Որ կեանք կ'առնէ, եւ նո՛ր յոյզեր, եւ նո՛ր աւիշ,
Եւ ուր սրտերը կը վառեն ջահեր ուրիշ,
Եւ ուր փառքի արդ կը կերտեն ուրիշ կոթող:

Օտար եմ ես կեանքի անել այս ճամբուն վրայ
Ու ա՛լ չըկայ սիրտըս այրող մոծի՜ր մը կրակ,
Ու հէք հոգիս խաւարին մէջ լոյս կը մուրայ:

Երթա՜լ, երթալ ու իյնալ մէջն այդ բոցերուն.
- Խորտակելով սրտիս մտքիս դռները փակ –
Ու խառնուիլ վերածնունդի խօլ երգերուն...:

ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

No comments: