Saturday, April 04, 2009

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԽԱՂԱՂԱԿԱՆ



Կար ու չկար -
Խաղաղական Ովկէանոսին մէջ
իրարմէ մղոններ
մղոններ հեռու
երկու կղզիներ կային

Օր մը հողերը շարժեցան
ալիքները կատղեցան
երկրաշարժ պատահեցաւ

Եւ ամեհի ծովուն մէջ
իրարմէ մղոններ հեռու
երկու կղզիները միացան

Կար ու չկար
արարածներու ովկէանոսին մէջ
իրարմէ մղոններ
մղոններ հեռու
երկու սիրտեր կային

Օր մը երակները բռնկեցան
բոցերը տարածուեցան
հրդեհ ծագեցաւ

Եւ ճարճատուն կրակին մէջ
իրարմէ մղոններ հեռու
երկու սիրտերը միացան



16. 8. 1969

No comments: