Friday, March 20, 2009

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԴԺՈԽՔԻ ՍԵՄԻՆ ՈՐՓԷՈՍ

Դարեր են անհետացեր
Դեռ Որփէոսի քնարը արիւնաբորբ առանձնութիւն մը կը հիւսէ
Սիրատենչ լարերէն արցունք կը ժայթքի ծիլ ծիլ

Դեռ Որփէոսի քնարը արիւնավառ մելամաղձութիւն մը կ՚երգէ
Եւրիդիկէն է անհետացեր
Սիրատենչ լարերէն թախիծ կը տեղայ փաթիլ փաթիլ

Որփէոս է անհետացեր
Դեռ Որփէոսի քնարը արիւնաթաթախ մենութիւն մը կը կերտէ
Սիրատենչ լարերէն կարօտ կը հոսի կաթիլ կաթիլ


12. 4. 1968

No comments: