Thursday, October 30, 2008

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ: ԹՌՉՆԱԾԱՐԱՒ

Առուակը որ կը հոսի
գլգլալէն
մերթ խնդալէն, մերթ լալէն
Ցատկռտելով կոշտ քարերուն վրայէն
ով գիտէ
քանիերորդ՝ սառուցային շրջանին
քշուած բերուած իր հունին
Եւ շոյելով երեսն անոնց
դարձած ողորկ ու փայլուն
Կը կարկաչէ միօրինակ
մերթ մեղմօրօր, մերթ վարար
Բայց չի գիտեր
թէ դէպի ո՞ւր կը դիմէ
ինչո՞ւ կ՚երթայ հոսանքն ի վար
ի՞նչ է վախճանն իր երթին
Ու չի տեսներ
թէ թռչնիկը հասակովն իր անհամեմատ աննշան
թառած հազար հազարամեայ քարի մը հարթ գագաթին
Կը խոնարհի հոսուն ջուրին
Իր կտուցը կը թաթխէ
Յետոյ երկինք կը նայի -
Ան ումպ առ ումպ
Յաւերժութիւն կը խմէ:


12 - 8 - 2000, Շդաուֆէն

No comments: