Saturday, June 14, 2008

Զարեհ Խրախունի: Տեսարան

Click here for the audio clip The View read by Lola Koundakjian.

Ամառ օրով
Ծառերուն տակ փռուէր նստեր են մարդիկ
Բարձ ու փսիաթ, սան ու տապակ, կուժ ու պնակ,
կրակարան, օրօրօց
Բան չեն մոռցէր - եւ ամէնքով օրուան համը կը հանեն...

Յանկարծ ամպ մը - տեղատարափ մը սաստիկ
Տակնուվրայ կ՛ընէ ամէնքն - ամէն բան ...

Բոլոր ծառերն անմիջապէս կ՛ուզեն մէկմէկ հովանոցի վերածուիլ
Բայց կայծակէն կը վախնան

Օդը կ՛ուզէ անջրանցիկ մեծ վրանի մը փոխուիլ
Սակայն հովէն կը վախնայ

Հողը կ՛ուզէ գիրկը բանալ - ըլլալ շուտով պատսպարան մ՛առժամեայ
Բայց եւ այնպէս ջրհեղեղէն կը վախնայ

Լոյսը կ՛ուզէ միակտուր ապակիի շերտ մը դառնալ
գլխուն վերեւ ամէնուն
Սակայն ան ալ որոտումէն կը վախնայ.

Իսկ արեւը վար կը նայի ու կը դիտէ տեսարանն այս եզական
Եւ կը զուարճանայ...:

No comments: