Thursday, January 24, 2008

Սագօ Արեան: ՍՊԻՏԱԿ ՀԵԾԱՆԻՒԻՆ ՎՐԱՅ

Արի Թաշին


Հողին վրայ կայծակներ,
Եւ արիւն ամէն դի,
Ես սպիտակ հեծանիւ նստած
Կը ճամբորդեմ քաղաքին մէջ,
Լեզուս գաղտնի ճամբաներ ունի,
Դեղին վարսերով կիներ կը յարձակին վրաս...
Պահիկ մը, կը խմեմ Վահան Թամարեանին հետ,
Յետոյ հ՜երոս կը բացագանչեմ թաղեցի պլլիկ տղաներուն,
Որոնք երէկ գիշեր,
Քաշելէն—քաշելէն մերեր սատկեր են ...
Կը մրսիմ շատ յաճախ,
Սպիտակ թեւերով հրեշտակներ կը բանան ճամբաս.
Երակներս կը լարեմ,
Կը պատրաստուիմ մեծ մեկնումի մը,
Թաց թերթիկներ— բանաստեղծութեան թաց թերթիկներ
Կը փռեմ պալգոնս...
Ինչ կիրակիներ կ՚անցնին
Եւ բանաստեղծութիւնը կ՚ուշանայ։
Շատեր կատուներու համար կ՚երգեն,
Գլխուս չի պառկիր ատիկա։
Շատեր իրենց յօնքերը կիտած
Կը քմծիծաղին,
Պալատական երգիչներ են իբրեւ։
Ուրիշներ գրած երգերս անգիր կ՚ընեն.
Գիտես հոն հեռուն լեռներէն անդին,
Գիրսի մօտերը, Նժդեհին դիմաց
Լերան փէշերուն ...
Գորիս եւ թթի արաղ
Քաջիկին թանգարանին մէջ,
Ակսել բակունցի կոպերուն տակ...

...

Արաղ բառը մի գործածեր քերթուածին մէջ,
Աւելի լաւ է կատու մը սատկի
Բայց դասականութեան սկուտեղը տեղէն չխախտի...
Հիմա նստած Կիրակիին դիմաց,
Կը սպասեմ որ երեւի բանաստեղծութեանս արեւը ...
Ես անոր բանտարկեալն եմ ։

...

Բանտարկեալն եմ բառին,
Արձակուած նետ եմ,
Ժանգ չեմ բռներ,
Սպիտակ հեծանիւին անիւները լաւ չեն,
Եկուր եւ տես ...
Ճանապարհը երկար է ու ես ծարաւ եմ,
Տեսնես ինչպէս խորանէն ներս անցայ։

...


Ոչ իսկ շապիկ ունիմ հագած,
Ոչ մերձաւոր, ոչ քոյր, ոչ հօրաքոյր,
— գիտես Չարենց քոյրը կարեւոր է կ՚ըսեմ— Պրոնզէ Քոյր—
Որբի պէս բան մըն եմ այսօր,
Արեւի ճառագայթները կը մտնեն մէջս...
Եկուր նայինք,
Արի թաշ
Ինչ Պէօշկէթիւրեան կը բառբարես ...
Եկուր Ձուկի երթանք— Ձուկ կը սիրես ...
Նայէ Զօրայր Խալափեանը խուզեր են նորէն,
Եկուր կաթիլ մը Զահրատ կայ ժպիտիդ մէջ,
Դուրեան Մուրեան չեմ գիտեր ես...
Մեծ գերեզման դարձեր է գրականութիւն ըսածդ,
Մեծ իսթանպուլ դարձեր է ամէն տեղ...
Լաք Վահէ Աւետեանին կենացը այսօր,
Անիկա բոլորին հախէն կուգայ ...
Ամերիկա երազելէն բոլորին որովայնը կը ցաւի ...
Դէպի վեր նայիր,
Եթէ աչքերդ հեռուն կը տեսնեն ...
Դրամ նետէ սունտուկին,
Արեւի շողերուն մէջ ես կամ։


Սագօ Արեան

Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author

No comments: