Thursday, September 06, 2007

Սագօ Արեան: ԿԱՐՕՏ ՊԷՅՐՈՒԹԻՆ

Կարիկ Պասմաճեան Բանաստեղծին...


Պէյրութը կարօտցայ, Կարիկ Պասմաճեան
Այս մայթերը իմը չեն ըսի ընկերոջ մը,
Պէյրութը վերջին ժամադրութեանս չեկաւ,
Պատերազմի էր, Պէյրութը չեկաւ սուրճի
Ու անոր շքեղ երկինքը չժպտաց...
Այլ հրաբորբ հրթիռներ փայլեցան անոր ծովուն վրայ,
Հրթիռներ խռնուեցան իրարու եւ ճակատագիրը նորէն
Տխուր առագաստ պարզեց...
Պէյրութը կարօտցայ, մանկութեանս Պէյրութը
Ստահակ Պէյրութը
Բանաստեղծները իրենց սաղմին մէջ խեղդող,
Լումայափոխ, դրամակեր յղփացած Պէյրութը.....
Օրերը երկար են այս պատերազմին,
Մինակութեան եւ սթրէսի
Դեղահատիկներ կան պահարանին մէջ,
Առաւել թոյն եւ իսրայէլեան պատկերներու
Մոխրագոյն կոյտ մը սեղանին։
Ամէն օր խաղ Մահի հետ
Ամէն օր Մահ խաղին հետ
Ամէն օր շախմատային մահ ա խաղ
Բարեկամներս կը գրեն
Որ «Կանայի Հարսանիքը» անգիր ըրեր են արդէն,
Սի. Էն. Էն.ը միայն մոխրագոյն պատկերներ կը ցուցադրէ,
Մոխրացած երեխաներու դիակոյտեր
Ու ջարդուած ժողովուրդին անսալու կոչեր...
Երանի այս աշխարհին որ երկու սովետական կոպեկ չունի
Իր սնապարծ ու գարեջուրով արձակուրդի գացած խիղճի
սլնգոտ հողէ անօթին մէջ։
Երանի Կանայի գինին խմած չըլլայի......
Ակնոցաւոր Պէյրութը կարօտցայ Կարիկ
Համրայէն մինչեւ Սապրա երկարող Պէյրութը,
Որուն խոնաւ ու տօթ օգոստոսին,
Ո՜հ ինչ քաջ ու ինքնավստահ կ՚անցնէի.
Պաղեստինցի ֆետային կը բարեւէր
Ի վերջոյ դուն հայ ես ըսելով—,
Կը խօսէինք դատ ունենալու մասին,
Ու սառնարանէն գաղափարական օշինդրի
Վերջին սրուակը բանալով՝
Կը յայտարարէր մահը՝ արաբական խիղճին,
Ո՜հ արաբական աշխարհի միակ պոռնիկին կարօտցայ
Կարօտցայ քեզի Պէյրութ
Քու մարմինդ պատանգ եղաւ
Սփիւռքի վէրքիս
Ու դուն արատօրէն արիւն թափեցիր ամէն գարնան
Որպէսզի եկեղեցիներդ ու մզկիթներդ
Հիանան իրար վրայ
Ու աղօթեն նոյն գրաբարով։
Որպէսզի յոյներն ու ու ասորիները
Միասին հացի նստին
Որպէսզի հայերն ու պաղիստինցիները
Բարեւեն իրարու ...
Ոստիկանը կը բարեւէ
Անցորդները կը բարեւեն
Ու մարդիկ զարմացած չեն նայիր մօրուքիս
Որ պատերազմին պատճառով կ՚երկարի անսանձ...
Ու ես ծովեզրին Ալիքեանի նորատիպը
Կը յայտարարեմ աղօթքի մատեան։
Ո՞ւր գացին ընկերներս,
Պատերազմի օրերը կ՚երկարին
Ես կ՚ապրիմ Հայաստանեան նոր աքսոր,
Ուր երկրորդ Մասսիվի պատերուն,
Սովետիքում պատերուն,
Կը կարդամ ազդեր որ,
Հոս հոն ծախու տուներ կան իբրեւ,
Գները թանկ են Սագ ճան,
Էդ պարսիկները էկել լցուել են ստեղ...
Պատերազմի օրերը կ՚երկարին սակայն...
Ու մօրուքիս թախիծը կը տարածուի ինձմէ դուրս...
Կը մեծնայ թախիծը ու հազիւ ոտք կը դնէ
Թիւ %% մարշոտքայի նստարաններուն բազմելու,
Անհանգիստ ու աքսորեալ...
Բայց կ՚երկարի պատերազմը անգութ ու պիղծ
Անտեղի կատակներ կը նետեմ չորս դիս..
Ոչ ոք չի խնդար,
Սովետական թախիծ կայ ամէն տեղ
Ու թախիծը կաթիլ— կաթիլ կը մտնէ ամէն տեղ
Նոյնիսկ սպանական իմբըրթնի
Զէյթունի տուփիկներուն մէջ։
Պէյրութը կարօտցայ
Վերջին սուրճի տրցակը երէկ բացի,
Ու ֆէյրուզի սաղմոսները բարձրաձայն լսեցի
Այնքան բարձր որ ռուսախօս պաքուեցի Վալեան,
Երեւանցի Ճուլիկն ու Երրորդ յարկի անտէր գինովը մօտս եկան...
Պէյրութը կարօտցայ Կարիկ Պասմաճեան
Դուն Երուսաղէմին լեզու հանեցիր, ես Պէյրութին
Ափ մը Պէյրութ փոխադրեցի ամէն ուր...
Որ մարդիկ սիրել սորվին...
Որ մարդիկ ժպտալ սորվին
Ու բարեւել ամէն այգի ու ժամի։

Ես Պէյրութը կարօտցայ
Հակառակ անոր որ փողոցները լեցուն են գաղթականներով...
Հակառակ անոր որ Պուրճ Համուտի ջուրի շարժակը անջատուած է
Ու թաղերը աղբակալուած են այսօր
Հակառակ որ ամէն տեղ մահ ա խաղ կայ
Եւ իսրայէլ—փոքրատառով— ձրի դեղատոմսեր կը նետէ երկինքէն ...
Ես լալու չափ ու խեղթուած ձայնով,
Նոյն թախիծը որ կը խեղթէ կոկորդս...
Ես Պէյրութը կարօտցայ։ Աչքէս քարէ արցունք պիտի իյնայ
Ու փշուր փշուր պիտի ըլլայ կարօտս.
Բայց պարզ է որ Համօ Սահեանի,
Գաւառական արցունքը չեմ սիրեր...
Քաղաքի բնակիչ եմ ես
Աղի ծովու սաղմոսը կայ մէջս...
Ու մոխիրներէն յառնող
“իւնիկին չքնաղ պատկերն է մէջս...
Այդ կարօտին անունով գրեցի այսօր,
Պէյրութ թախծոտ աչքերուդ համար գրեցի,
Որպէսզի թախիծը չխեղթէ ձայնս...
....
Պէյրութը կարօտցայ
Որուն ճանապարհը կ՚անցնի ճակատագրէս
Որուն արեւը կը ‘այլի խորունկիս մէջ
Որուն հանդէպ ատելութեանս երանգները
Կը խառնուին սիրելու եւ ատելու խաղերուս...
Պէյրութը որուն ահը մեծ է այսօր,
Եւ որուն սիրահարութեան մէջ,
Պիտի մնամ յաւերժ բանտարկեալի մը պէս։
Պէյրութը որ չյարգեց խոստումը...
Բայց ամէն աւերէ յետոյ,
Նորէն մեծցաւ ու հարս հագուելով,
Պտըտեցաւ եւ իր ժպիտը շռայլեց արեւելքի երեսին։
...
Պէյրութը կարօտցայ Կարիկ Պասմաճեան
Դուն Երուսաղէմիդ դարձիր
Ես Պէյրութիս...
Արեւելքի ա’երուն այսքան արիւն
Ո՞վ պիտի պատասխան տայ զոհուած
Հրեշտակներուն
Ո՞վ պիտի կառուցէ Գալիլիան
Եւ ո՞վ նոր երգեր պիտի գրէ
Որպէսզի Պաալպէքի դարաւոր
Պարիսպները նորէն խայտան
Խինդ եւ սէր բաշխելով...
...
Պէյրութը կարօտցայ,
Քաղաքը որ մէջս բնակեցաւ
Քաղաքը որ հաւատաց բառիս
Եւ քաղաքը որ աքսորեալ նախահայրերուս՝ տուն դարձաւ...
Պիտի չլքեմ զայն
Ինչքան երկար տեւէ այս գիշերը
Ինչքան մութ իյնայ, վիրաւոր
Հարաւի աւերակուած շէներուն
Եւ ինչքան մեծնայ պատերազմի սադայէլը։
...

Միեւնոյնն է պիտի ծաղկի անոր նշենին
Միեւնոյնն է ա’երուս մէջ խունկի հատիկները,
Պիտի դառնան օրհնութեան սերմեր.
Միեւնոյնն է հարեւանս պիտի ջրէ,
Իր տան դիմաց դալարող ռեհանը,
Միեւնոյնն է պատշգամբիս նստած
Սուրճի հողէ անօթը ձեռքիս
Պիտի կարդամ տողերէդ
Ու արբենամ քեզմով
Կարիկ Պասմաճեան ....


Պէյրութը կարօտցայ, Կարիկ Պասմաճեան
Այս մայթերը իմը չեն ըսի ընկերոջ մը,
Պէյրութը վերջին ժամադրութեանս չեկաւ,
Պատերազմի էր, Պէյրութը չեկաւ սուրճի
Պէյրութը կարօտցայ, մանկութեանս Պէյրութը
Ստահակ Պէյրութը
Բանաստեղծները իրենց սաղմին մէջ խեղդող,
Առասպել դարձած Պէյրութը...



Սագօ Արեան


Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.

1 comment:

Shushan said...

How deeply you feel and how wonderfully you described everything.