Friday, May 04, 2007

Դանիէլ Վարուժան: Գեղեցկութեան Արձանին

Կ՚ուզեմ ըլլայ քու մարմարիո՛նդ պեղուած
Ոլիմպոսի ամեննէն խոր արգանդէն.
Եւ իմ մուրճիս տակ ըզգենու հրեղէն
Միս մը կնոչ, լոյսով, տենդով սրարբած:

Աչքերդ ըլլան վիհեր՝ ուր մարդ երբ սուզի՝
Հավերժին մէջ անմահացած ըզգայ զինք.
Գիծերդ անեղծ ըլլան, ըլլան քու ըստինք
Դաշնակութիւն մ՚ուր կենսահիւթը հուզի:

Մերկ ըլլաս դուն բանաստեղծի մ՚հոգվոյն պէս,
Եւ հեթանոս այդ մերկութեանդ ներքեւ
Տառապի՛ մարդն, ու չկրնայ դպչիլ քեզ:

Թէ հարկ ըլլայ զոհ մը ընել քեզ պարգեւ,
Բագինիդ ե՛ս պիտի ուզեմ մորթուիլ՝
Որպէսզի կուճդ ըմպէ արեանս հուսկ կաթիլ:

No comments: